Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Վետանդ Փաթել ճեպազրոյցի ժամանակ անդրադարձած է այս շաբաթ Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան մշտադիտարկման առաքելութեան տեղակայման ֆոնին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան շուրջ բանակցային գործընթացին մէջ առկայ իրավիճակին:
Պատասխանելով լրագրողի հարցին առ այն, թէ արդեօք այս քայլը կ'օգնէ՞ առաջընթաց գրանցել տարածաշրջանին մէջ յարատեւ խաղաղութեան հասնելու գործին՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալը ըսած է.«Մենք յոյս ունինք: Եւ այդ մասին է, որ արտաքին գործոց նախարարը եւ դեսպան Ռիքըրը (Կովկասի բանակցութիւններու գծով ԱՄՆ աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ԱՄՆ-ի նոր համանախագահ) եւ միւսները այս շէնքէն կը շարունակեն պնդել՝ տուեալ թեման քննարկելու ժամանակ: Չեմ ուզեր գործընթացէն առաջ իյնալ, բայց, ի հարկէ, մեր վերջնական նպատակը այստեղ խաղաղ լուծումն է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ»։