image

Ամերիկայէն հերթական կոչ. «Խնդիրը լուծել բանակցութեան ճանապարհով»

Ամերիկայէն հերթական կոչ. «Խնդիրը լուծել բանակցութեան ճանապարհով»

Եւրոպայի ու Եւրասիոյ հարցերով ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտը կոչ ըրած է հայկական ու ատրպէյճանական կողմերուն «անյապաղ» բանակցութիւններ սկսելու Լաչինի միջանցքի արգելափակումը վերացնելու շուրջ:

Այդ մասին կը տեղեկացնէ ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան Եւրոպայի ու Եւրասիոյ հարցերով բիւրոն թուիթըրեան գրառման միջոցով, ուր, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Պետական քարտուղարի տեղակալ Տոնֆրիտը յորդորած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովին անյապաղ ներգրաւուիլ բանակցութիւններուն մէջ՝ դիւանագիտական լուծում գտնելու նպատակով՝ Լաչինի միջանցքով տեղաշարժը հնարաւոր դարձնելու համար: Ան կոչ ըրած է երկու արտաքին գործոց նախարարներուն կրկին ներգրաւուելու՝ կայուն խաղաղութեան հասնելու գործընթացին»,- յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութիւնը: