Ուքրանիոյ իշխանութիւնները նախապէս չեն զգուշացուցած Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը Քուրսքի շրջանի վրայ ուքրանական զինուած ուժերու յարձակման մասին։
Այս մասին յայտնած է Փենթակոնի մամուլի քարտուղար Փաթրիք Ռայտըր, հաղորդած է ԹԱՍՍ։
«Ոչ, Քիեւը նախապէս չէ տեղեկացուցած մեզի։ Այո, մենք խորհրդակցութիւններ կը կատարենք»,- պնդած է ան։
Փենթակոնի պաշտօնեայի խօսքով՝ Քուրսքի շրջանի մէջ ամերիկեան զէնքի կիրառմամբ հարուածներ հասցնելը կը համապատասխանէ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան։
«Առայժմ ես կ'ըսէի, որ, ըստ մեր գնահատականներուն, անոնք մեր հաստատած քաղաքականութեան ծիրէն ներս են, այդ քաղաքականութիւնը չէ փոխուած, մասնաւորապէս, ամերիկեան զէնքի կիրառման մասով»,- ըսած է Ռայտըր։