image
Հրատապ լուրեր:

Ամբողջ Թուրքիան զարմացած. Հայկական միակ Վագըֆլի գիւղը մնացած է կանգուն (Տեսանիւթ)

 Ամբողջ Թուրքիան զարմացած. Հայկական միակ Վագըֆլի գիւղը մնացած է կանգուն (Տեսանիւթ)

Թրքական լրատուական աղբիւրներ մեծ զարմանքով արձագանգած են Հաթայի Սամանտաղ շրջանին մէջ Վագըֆլի գիւղին կանգուն մնալուն վերաբերեալ։

 Այս մասին յատուկ տեսանիւթ մը պատրաստած է «Արեւելք»ը, ուր մանրամասնութիւններ կը տրուին թէ թրքական արձագանգներուն եւ թէ ալ հայկական գիւղի անցեալին մասին։

 

 Մեկնաբան Սագօ Արեան, որ թեման կը ներկայացնէ կ՚ընդգծէ, որ երկու հզօր երկրաշարժներէն ետք հայկական գիւղը կանգուն մնացած է շնորհիւ հայ շինարարներու արդար քրտինքին ու ջանքին։ Ան նաեւ տեսանիւթի աւարտին հարց կու տայ, որ արդեօք երկրաշարժին հետեւանքով մեծ աւերածութիւններու ենթարկուած Թուրքիոյ հարիւրաւոր աւանները այսօրուան տխուր ճակատագիրը պիտի ունենային, եթէ տեղի ճարտարապետներն ու կառուցապատողները գործէին արդար կանոններով եւ ճիշդ օրէնքներով։

 Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթին մէջ։