«Այսօր կ'աշխատիմ հին ու մաշած կօշիկներ վերանորոգելով, ստանալու համար գումար մը, որ հազիւ ծոթրինով հաց ՝«մանաիշ» ուտելու կը բաւէ», շարունակած է Յակոբ,- «երբ մարդոց կ'ըսեմ թէ փակցնելիքի սակը, որքան սղած է, ելեկտրականութիւնը, կազը, ներբանները, հողաթափերը եւ այլն անոնք կը պատասխանեն. «տոլարով մի խօսիր»»:
Լիբանանի տարիներու պատերազմը իր հետ թաղած է շատ շատերու մեծ երազները, որոնք պիտի հասցնէին զիրենք համաշխարհային դիրքերու: Յակոբ Քէշիշեանն ալ երազանք ունէր, ան կը ցանկար, որ իր ձեւաւորած կօշիկները տարածուէին աշխարհի չորս կողմը: Սակայն Լիբանանի պատերազմը սահմանափակեց տեղական արտադրութիւնները, իսկ վերջին տնտեսական անկումն ու Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումը վերջ տուին իր աշխատանոցին վերածելով այն հնակարկատի խանութի:
Այս մասին լրագրողական անդրադարձ մը կատարած է արաբատառ «Ալ Ախպար» պարբերականը, որուն ուշագրաւ հատուածները «Արեւելք» կը ներկայացնէ իր ընթերցող հանրութեան։
Յակոբ փոքր տարիքէն մականուանուած էր «Ճէքսըն», 12 տարեկանին ձգած է Պուրճ Համուտի հայկական դպրոցը եւ սկսած հօր հետ աշխատիլ ու անկէ սորվիլ կօշիկ ձեւեւլու արհեստը: Բաւական տառապանքներէ ետք կեանքը նոր սկսած էր ժպտալ: Իր ընտանիքը տարհանուած էր Ալեքսանտրեթէն, ու ապաստան գտած Հալէպ, ուրկէ հայրը փոխադրուած էր Պաղեստինի Եաֆա քաղաքը եւ այնտեղ հրեաներէն սորված կօշկակարութեան արհեստը: Աւելի ուշ ընտանիքը կրկին միաւորուած էր Լիբանանի Պուրճ Համուտի հայաւանին մէջ:
Յակոբ կօշիկի ձեւաւորման գործին մէջ է 63 տարիէ ի վեր։ Ան բացած է իր սեփական արհեստանոցը 1965-ին, երբ դեռ 18 տարեկան էր։ Այն ժամանակ աշխատանոցը ունէր 20 աշխատող, եւ « չէինք կրնար հանգստանալ գործի ծանրաբեռնուածութենէն»։ Սկսած են ամսական 100 զոյգ կօշիկ արտադրելով, հասնելով մինչեւ 4000 զոյգ կօշիկի, ինչպէս նաեւ կ'արտադրէին գլխարկներ ու կաշիէ գօտիներ։ Կօշիկի ձեւաւորումներն ու տեսակները բազմազան էին, սկսեալ ձիավարութեան յատուկ կօշիկներէն մինչեւ պարի յատուկ կօշիկներ, նաեւ բժշկական կօշիկներ, որոնք մեծ տարածում գտած էին եւ մեծ պահանջարկ ունէի: Իր արտադրած կօշիկները հասած էին մինչեւ Ափրիկէ, Եւրոպա եւ Ծոցի երկիրներ: Քէշիշեան անդրադառնալով իր փայլուն օրերուն ափսոսանքով պատմած է,- «Այն ժամանակ մենք շաբաթական մօտաւոր 2000 տոլար զուտ շահ ոնէինք»:
Աղբիւրը նշած է թէ Յակոբ Քէշիշեան գործակցած է Լիբանանի երգարուեստի 70 -ականներու «ոսկեայ» ժամանակներուն վրայ իրենց հետքը թողած Ռահպանի եղբայրներուն հետ, ձեւաւորած է «Սայֆ 840» (Ամառ 840) ներկայացման դերասաններու կօշիկները,- «Բոլոր կօշիկներն ու գօտիները Ճէքսընի գործն են», - ըսած է ան: Քէշիշեան ձեւաւորած է նաեւ հանրաճանաչ երգչուհի՝ Սապահի համար կօշիկներ: Նաեւ երգիչ՝ Թոնի Հաննայի յայտնի «Ճիզմա»-ները: Ինչպէս նաեւ պատրաստած է Ֆահտ Ալ Ապտալլայի պարախումբի կօշիկները: Ան նոյնիսկ կօշիկներ արտադրած է միջազգային կազմակերպութիւններու համար իւրայատուկ կօշիկներ ինչպէս՝ լեռնագնացութեան կամ արշաւային կօշիկներ:
Քէշիշեան կսկիծով շարունակած է պատմել, «63 տարի այս ասպարէզին մէջ յաջողութիւններ արձանագրելէ ետք, ձեւաւորողէ դարձայ կօշկակարկատ»: Յակոբը երբեք չէր երեւակայած թէ օր մը այսպէս պիտի ըլլայ իր ասպարէզը։ Հին օրերու փառքերը խոստացած էին մեծ երազներ՝ արհեստանոցի ընդլայնում, գործարանի հիմնադրում, ուր պիտի արտադրուէր «Ճէքսըն» միջազգային անունով յայտնի ապրանքանիշը: Սակայն պատերազմին հետ այդ երեազանքները խորտակուած են ու ան սկսած է թափառականի նոր կեանք: Այս անգամ փոխադրուելով Այնճար, ան երկար ատեն մնացած է այնտեղ ու գրեթէ վատնած իր խնայողութիւնները: Աշխատանքը շարունակած է, բայց ոչ այն թափով, որ յայտնի էր մինչեւ պատերազմը: Եւ մեծ հարուածը այն էր, որ քաղաքացիական պատերազմէն ետք լիբանանեան շուկաները ողողուեցան չինական, թրքական ու հնդկական ապրանքներով, տապալելով լիբանանեան արդիւնաբերութեան վերականգնումը, եւ որ սկսած էր դուրս գալ մրցակցութենէն:
Հակառակ այս բոլորին, Յակոբ պահպանած է հաւատարիմ յաճախորդներ՝ մեծամասնութեամբ արտասահմանէն, որոնք տակաւին կը փնտռեն բարձրորակ ու իւրայատուկ կօշիկներ, որոնք չեն նմանիր ներկայ պատրաստ կօշիկներուն՝ կարուած ոչ դիմացկուն մշակուած կաշիներէ: Անոնք կ'այցելեն իրեն, երբ գան Լիբանան եւ կը պատուիրեն բնական կաշիէ պատրաստուած իր ձեւաւորած կօշիկները:
Ըստ Յակոբին այս պատուէրները սակայն չեն բաւարարեր իրեն, որովհետեւ կ'ապրի առանց ընկերային եւ առողջապահական ապահովագրութեան, նման բոլոր փոքր ու միջին արհեստաւորներուն ու արդիւնաբերողներուն: Իր այսօրուայ իրավիճակը շատ աւելի վատ է նկատի առնելով Լիբանանի տնտեսական անկումը եւ 2020-ի Օգոստոս 4-ի նաւահանգիստի պայթումը, որ վերջ դրած է իր փոքր արհեստանոցին:
«Այսօր կ'աշխատիմ հին ու մաշած կօշիկներ վերանորոգելով, ստանալու համար գումար մը, որ հազիւ ծոթրինով հաց ՝«մանաիշ» ուտելու կը բաւէ», շարունակած է Յակոբ,- «երբ մարդոց կ'ըսեմ թէ փակցնելիքի սակը, որքան սղած է, ելեկտրականութիւնը, կազը, ներբանները, հողաթափերը եւ այլն անոնք կը պատասխանեն. «տոլարով մի խօսիր»»:
Աղբիւրը նշած է նաեւ թէ Յակոբ կը տառապի զանազան հիւանդութիւններէ ինչպէս՝ շաքարախտ, քոլեսթրել եւ Ճնշում: Որոշ բարեգործական միութիւններ օժանդակութիւն կու տան դեղերու կապակցութեամբ,- «Օտար արտասահմանեան կազմակերպութիւններ եկան պայթումէն յետոյ վիճակագրութիւններ ըրին ու գացին առանց օգնելու», ըսած է ան,- «Անցեալ տարի 12 միլիոնի արժողութեամբ սրտի վիրահատութեան ենթարկուեցայ: Մարդիկ ձեւով մը օգնեցին ինծի, բայց հակառակ պարագային եթէ կրկնուի, ինչ պիտի ընեմ, բոլոր մարդոց պայմանները ծանր են: Կ'երեւի սրտի կաթուածով ալ կը մեռնիմ»,- փորձած է կատակել Քէշիշեան:
Յակոբ Քէշիշեան միշտ կրելով արեւմտեան ոճի ամերիկեան գլխարկը, եւ իր ձեւաւորած կօշիկները յաճախ կ'երգէ հին լաւ ժամանակներու երգերը ինչպէս Շարլ Ազնաւուրի, Թոմ Ժոնսի երգերը, նաեւ կ'ունկընդրէ Ում Քալսումի եւ Ֆարիտ Ալ Աթրաշի երգերը։
Հակառակ որ, ներկայ իրավիճակը շղթայած է իր երազանքը, բայց Յակոբ կը շարունակէ երազել, դեռ չեն շղթայուած իր երազները, ծիծաղն ու ժպիտը:
«Արեւելք»ի համար արաբերէնէ թարգմանեց՝ Թ.Գ.