Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան ընդունած է Էսթոնիոյ Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռինա Քալիւրանտը: Հանդիպման քննարկուած են երկու երկիրներու խորհրդարաններու փոխգործակցութեան առաջնահերթութիւններն ու խորհրդարանական դիւանագիտութեան շրջանակին մէջ համագործակցութեան շարունակականութիւնը:
«Մենք մշտապէս հետեւում ենք Էսթոնիայի խորհրդարանի գործունէութեանը եւ չափազանց կարեւորում մեզ համար զգայուն հարցերի շուրջ ցանկացած յայտարարութիւն կամ որեւէ այլ դրսեւորում», նշած է ՀՀ ԱԺ նախագահը: Ան անդրադարձած է Էսթոնիոյ խորհրդարանի խօսնակ Եուրի Ռաթասի՝ այս տարուան Մայիս 24-ին Շուշի կատարած այցին՝ զայն որակելով ծայրայեղ մտահոգիչ:
Ալէն Սիմոնեանի խօսքով՝ հայաթափուած Շուշիի մէջ պարոն Ռաթասի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները ոչ միայն չեն արտացոլեր մեր երկու երկիրներու միջեւ առկայ բարեկամական յարաբերութիւններու շունչը, այլեւ կը հակասեն Էսթոնիոյ պաշտօնական աջակցութեան ԵԱՀԿ ՄԽ-ի համանախագահութեան շրջանակին մէջ ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:
Ան տեղեկացուցած է դեսպանին, որ այդ կապակցութեամբ նամակ յղած է Էսթոնիոյ խորհրդարանի խօսնակին, որուն մէջ բացատրած է հակամարտութեան էութիւնը եւ 2020 թ. աղէտալի պատերազմի հետեւանքները: ՀՀ ԱԺ նախագահը յոյս յայտնած է, որ էսթոնացի գործընկերը յառաջիկային կ՜այցելէ Հայաստան եւ կը ծանօթանայ իրավիճակին, նաեւ կը հանդիպի Լեռնային Ղարաբաղը ներկայացնող պաշտօնեաներու հետ:
Էսթոնիոյ դեսպանը, շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, յոյս յայտնած է, որ յառաջիկային հնարաւորութիւն կ'ընձեռոիի Էսթոնիոյ խորհրդարանի խօսնակին հետ քննարկելու յառաջացած բոլոր հարցերը: Ան ԱԺ նախագահին փոխանցած է Էսթոնիոյ խորհրդարանի նախագահի պաշտօնական հրաւէրը, ինչին ի պատասխան՝ Ալէն Սիմոնեանը կրկնած է էսթոնացի գործընկերոջ Հայաստանի մէջ տեսնելու ցանկութիւնը եւ սիրով ընդունած է փոխադարձ հրաւէրը: