Ազրպէյճանական այդ գործողութիւնները աւարտեցան տարածաշրջանի ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան առաջին փուլի իրականացումով: Հիմա «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի ծրագիրը նոյն քաղաքականութեան երկրորդ փուլն է: Առաջինը ողջունելէ ետք Իրան կը հակադրուի երկրորդին: Բայց որպէսզի չիրականանայ երկրորդ փուլը, Իրանը պէտք է հանդէս գայ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքի պաշտպանութեան դիրքերէն:
Իրանի նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատարին յայտարարութիւնը Հայաստանի հետ իր երկրի սահմանամերձ շրջաններուն մասին քանի մը հետեւութիւն արձանագրել կու տայ:
Նախ նշենք, որ նախարարի գործակատարի մակարդակով կատարուած յայտարարութիւն է, հետեւաբար ակնկալելի չէ բեկումնային որեւէ նորութիւն: Երկրորդ, նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին է, հետեւաբար դարձեալ շրջադարձային որեւէ նոր հունաւորում պէտք չէ որոնել: Ի վերջոյ պարզ է, որ արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւնները կը ճշդուին հոգեւոր պետով մարմնաւորուած համակարգով, խորքային պետութեամբ եւ ոչ թէ նախագահով կամ նախարարով, որոնք այս պարագային որոշուածը իրականացնողի դեր ունին:
Հիմա տեսնենք, թէ ճիշդ ի՞նչ ըսած է նախարարի գործակատարը:
«Մենք (Իրանը) կ՛աջակցինք որեւէ նախաձեռնութեան, որ կ՛օգնէ տարածաշրջանի զարգացման, բայց չենք ընդունիր որեւէ նախաձեռնութիւն, որ կը փոխէ տարածաշրջանի ժողովրդագրութիւնը եւ տարածաշրջանի սահմանները»:
Պէտք է արձանագրել, որ նախարարի գործակատարը կը պատասխանէ «Սի. Էն. Էն. Թուրք»-ի լրագրողին հարցումին, որ կը վերաբերի «Զանգեզուրեան միջանցք»-ին:
Այս պատասխանէն այնպէս կը հասկցուի, որ զանգեզուրեան միջանցքի ծրագիրը կոչուած է փոխելու տարածաշրջանի սահմանները եւ ժողովրդագրութիւնը:
Աշխարհաքաղաքական է ուրեմն նախագիծը, ըստ իրանցի դիւանագէտին, եւ չի վերաբերիր միայն Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին: Նման նախագիծի իրականացում կը փոխէ ամբողջ տարածաշրջանի սահմանները: Յիշենք անմիջապէս, որ այս նախագիծը բանաձեւուած էր նոյեմբերեան յայտարարութեան 9-րդ կէտով` իբրեւ տարածաշրջանի ապաշրջափակում:
Բնականաբար յայտարարուածը իրանեան ընդդիմութեան վերահաստատումն է այս ծրագիրին: Կայ սակայն երկրորդ կարեւոր բաղադրիչ մը, որ առաջին անգամ կը հաւասարեցուի սահմաններու փոփոխութեան վտանգին հետ: Առաջին անգամն է, որ Թեհրանը դէմ կ՛արտայայտուի ժողովրդագրական փոփոխութեան փորձերուն:
Տրուած ըլլալով, որ հարցումը «Զանգեզուրեան միջանցք»-ի մասին է, հետեւաբար ժողովրդագրութեան փոփոխութեան գօտին Սիւնիքն է առաջին հայեացքով:
Փաստօրէն Պաքուի առաջ քշած «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի վերահաստատման նպատակով ազրպէյճանցի «փախստականներ» նախ եւ առաջ Սիւնիք տեղաւորելու ծրագիրին մասին է իրանցի դիւանագէտին ակնարկը:
Հետեւցնենք ուրեմն, որ նախագահի ընտրութենէն ետք նշանակուելիք արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւններուն մէջ հաւասար զուգահեռներով պիտի արծարծուի Թեհրանի մերժումը Սիւնիքի մէջ, սկսելու համար, ազրպէյճանցիներ վերաբնակեցնելու Պաքուի ծրագիրներուն դէմ:
«Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ը ուրեմն սպառնալիք է ուղղուած Իրանին. յատկապէս երբ մտաբերենք Իրանի մէջ ապրող ազերիական ծագումով ստուար զանգուածի առկայութիւնը:
Իրանցի դիւանագէտը կը խօսի սակայն տարածաշրջանի ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան դէմ: Ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութիւնը գրանցուեցաւ Արցախի ամբողջական հայաթափումով: Հայաթափուած Արցախի տարածքներուն վրայ այսօր կը գործեն իսրայէլեան ռազմական յենակէտեր, որոնք սպառնալիք են Իրանին: Թեհրան, օրին ողջունեց Ազրպէյճանի կողմէ «իր տարածքներու ազատագրում»-ը:
Ազրպէյճանական այդ գործողութիւնները աւարտեցան տարածաշրջանի ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան առաջին փուլի իրականացումով: Հիմա «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի ծրագիրը նոյն քաղաքականութեան երկրորդ փուլն է: Առաջինը ողջունելէ ետք Իրան կը հակադրուի երկրորդին: Բայց որպէսզի չիրականանայ երկրորդ փուլը, Իրանը պէտք է հանդէս գայ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքի պաշտպանութեան դիրքերէն:
«Ա.»