image

ԱՀԱԸ-ի հովանաւորութեամբ պատրաստուած ՝«Ամերիկացի բարի սամարացիները» շարժանկարի առաջնախաղը

 ԱՀԱԸ-ի հովանաւորութեամբ պատրաստուած ՝«Ամերիկացի բարի սամարացիները» շարժանկարի առաջնախաղը

Երեւանի «Մոսկուա» կինոթատրոնէն ներս կայացած է «Ամերիկացի բարի սամարացիները» շարժանկարի հայաստանեան առաջնախաղը: 

 Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ-AMAA) կայքէն:

Շարժանկարը նուիրուած է ազգերու փրկութեան գործի նուիրեալներու յիշատակին՝ ցեղասպանութենէ վերապրած երախտապարտ ժողովուրդներու կողմէ:

18 Մարտին Երեւանի «Մոսկուա» կինոթատրոնի «Կարմիր դահլիճ»ին մէջ տեղի ունեցած է Man Pictures Production-ի «Ամերիկացի բարի սամարացիները» շարժանկարի հայաստանեան առաջնախաղը։ Ներկայ եղած են պետական այրեր, գիտնականներ, արուեստագէտներ եւ հանրային գործիչներ։

Խաղարկային դրուագներով վաւերագրական երկար շարժանկարը նկարահանուած է Հայաստանի ազգային կինոկեդրոնի աջակցութեամբ։ Շարժանկարի համաշխարհային առաջնախաղը կայացած է 20 Նոյեմբեր, 2021-ին Լոս Անճելըսի՝ «Արփա» միջազգային շարժանկարներու փառատօնի ծիրէն ներս, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA) հովանաւորութեամբ։

Անիկա պատմութիւն է փրկուածներու մասին: Նաեւ պատմութիւն այն արտասովոր մարդոց, որոնց շնորհիւ ի սպառ ոչնչացումէն փրկուեցան հայ, յոյն եւ ասորի ժողովուրդներու բեկորներ: Մարդկային կեանքերու փրկութիւնն էր անոնց առաքելութիւնը:

Ամերիկացի ցեղասպանագէտ՝ Փօլ Լեւին եւ այլ անկախ հետազօտողներ, ուսումնասիրելով 20-րդ դարասկզբին Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ ծրագրուած եւ իրագործուած ցեղասպանութիւնները, կը ներկայացնեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ պետականօրէն իրականացուած մարդասիրական օգնութեան մասին մանրամասնութիւնները:

Շարժանկարի կայացման մեծապէս նպաստած են խորհրդատուներ տարբեր աշխարհամասերէ, անոնց կարգին՝ AMAA-ի գործադիր տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեան, ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն ակադեմիկոս՝ Աշոտ Մելքոնեան, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ՝ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի գրադարանի նախկին գիտաշխատող՝ դոկտ. Լեւոն Աւտոյեան եւ այլ մտաւորականներ։ Նկարահանման աշխարհագրութիւնը եւս կ'ընդգրկէ՝ ԱՄՆ, Գերմանիա, Իրան, Թուրքիա, Յունաստան, Լիբանան եւ Հայաստան։