ԱԳՆ-ի շէնքի մօտ իրավիճակը լարուած է։ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազանը պահանջած է Արտաքին գոծորց նախարար Արարատ Միրզոյեանէն իջնել եւ հանդիպիլ իրենց հետ, հակառակ պարագային իրենք պիտի բարձրանան։ Զգուշացուցած՝ նոյնիսկ եթէ 20-հազարանոց ոստիկանական զօրք բերեն, իրենց չեն կրնար կանգնեցնել։
ԱԳՆ-ի մօտ արդէն մեծաթիւ ոստիկանական շարքերը այս պահուն բազմապատկուած են։
Ոստիկանները հաւաքի մասնակիցներուն որպէս նախազգուշացնող քայլ մահակներով հարուածած են վահաններուն, միւս կողմէն ալ ցուցարարները «վուվուզելներ» փչած են։
Այս պահուն ոստիկանութիւնը կը փորձէ համաձայնեցնել «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման ներկայացուցիչներու հանդիպումը Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Բագրատ սրբազանը նշած է՝ նախարարի մօտ պիտի մտնեն 10 հոգիով եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները։
ԱԳՆ-ի մօտ բերուած են կարմիրպերեթաւորները։
«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման ղեկավարները տեղեկութիւններ ունին, որ վարչապետէն հրահանգ եղած է ոստիկանութեան՝ «ժողովրդին ծեծել, ջարդել, տներ ուղարկել», յայտարարած է Բագրատ սրբազանը։ Ան հաւաքի մասնակիցներու մէկ մասին յորդորեց երթալ եւ հսկել ԱԳՆ շէնքի միւս մուտքը՝ թոյլ չտալու համար, որ նախարարը դուրս գայ շէնքէն։
Յիշեցնենք՝ այսօր առաւօտեան բողոքի ցոյցի մասնակիցները Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ մօտէն երթով շարժած են դէպի դատախազութիւն, ապա՝ նախարարութիւններու շէնք։