Բերիոյ Թեմի նուիրեալ քահանայ հայրերէն, վերջերս Հայաստան տեղափոխուած՝ Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան կը գրէ՝
Աղօթաձայն Աւետում
Տէ՜ր, Մարդանալ Դուն հաճեցար
Մութ աշխարհին յայտնուեցար
Կերպարանքով խոնարհ եկար
Կնքելու նոր Ուխտ սրբարար։
Եղար լուր մը ուրախարար
Աւետաձայն եւ հաշտարար
Որ սրտերը խռովարար
Քեզմով դառնան սփոփարար։
Օրերը սեւ, դաժան, խաւար
Մեր անձերը տագնապահար
Կը տանջուին միշտ չարաչար
Քանզի չարը չունի դադար
Խաբուսիկ է` խափանարար
Կը հարուածէ գազանաբար
Կը փնտռէ զոհ տեւաբար
Ներկայութեամբ կործանարար։
Մեղքին դէմ կար զօրեղ պայքար
Բայց ճիգերը չեն բաւարար
Յաղթել մահուան հերոսաբար
Ապրիլ հանգիստ, խիղճով արդար։
Ծնունդովդ հրաշափառ
Հնչեց երգ մը երկնաբարբառ
Անհուն սէրդ, անյիշաչար
Յոյսի աղբիւր է անսպառ։
Սքանչելի Խոստում մը կար
Նշաններով էր յայտարար
Մարգարէներ դերակատար
Վկայող են եւ յուշարար։
Աստուածային ժամկէտ մը կար
Ունէր խորհուրդ լուսապայծառ
Հռչակուեցաւ լուր բարերար
Մարդուն անկեալ, կամքով տկար։
Բարձրեալ Աստուած, Տէ՜ր անաչառ
Աղքատացար մեզի համար
Սէրդ յատուկ, ազատարար
Սրբագործող, բժշկարար։
Վերածնուինք վայելչաբար
Հոգւով պաշտենք Տէրն կենարար
Եւ ծանուցենք միասնաբար
Թէ Յիսուսն է կեանք փրկարար։
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան