image

ԱԱԾ-ն «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման աջակիցները կը յորդորէ չոտնձգել իրաւակարգի դէմ

ԱԱԾ-ն «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման աջակիցները կը յորդորէ չոտնձգել իրաւակարգի դէմ

ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը սահմանադրական կարգի պահպանման իր գործառոյթի շրջածիրէն ներս կը յորդորէ 2024 թուականի ապրիլ 4-էն սկիզբ առած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման աջակիցները պահպանելու օրինականութիւնը եւ չոտնձգելու իրաւակարգի դէմ։

«Հաշուի առնելով Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան՝ սահմանադրական կարգը ցանկացած ոտնձգութիւնից պահպանելու առաքելութիւնը՝ վերահաստատում ենք, որ ոչ իրաւաչափ ցանկացած վարքագիծ չէզոքացուելու է օրէնքով սահմանուած ողջ գործիքակազմի կիրառմամբ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։