image
Հրատապ լուրեր:

469 օրուան պատերազմէն ետք Կազայի մէջ հրադադար հաստատուեցաւ

469 օրուան պատերազմէն ետք Կազայի մէջ հրադադար հաստատուեցաւ

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի գրասենեակը հաստատած է Իսրայէլի, պաղեստինեան «Համաս» շարժման, ԱՄՆ-ի եւ Քաթարի կողմէ Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի եւ պատանդներու ազատ արձակման մասին համաձայնագրի ստորագրումը։

Այս մասին յայտնած են The Jerusalem Post-ը եւ The Times of Israel-ը։ Այժմ Նաթանիահուն պէտք է հաւաքէ կառավարութեան անդամները՝ համաձայնագրերը հաստատելու համար։

«Նաթանիահուն հրամայած է ռազմաքաղաքական գրասենեակի նիստ գումարել, իսկ յետոյ՝ կառավարութեան նիստ՝ համաձայնագիրը հաստատելու համար», - ըսուած է JP յօդուածին մէջ:

Այսօր աւելի վաղ Axios-ը յայտնած էր Տոհայի մէջ համապատասխան համաձայնագրի պաշտօնական ստորագրման մասին։

Քաթարի վարչապետ Շէյխ Մոհամմետ պըն Ապտուլրահման պըն Ճասսիմ Ալ Թանին երէկ պաշտօնապէս յայտարարած էր Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի կնքման մասին, այն ուժի մէջ պիտի մտնէ յունուար 19-էն։