Հալէպի օդանաւակայանը դադրած է գործելէ։ Այս մասին լրատւութիւն կատարող աղբիւրներ նշած են Հալէպի օդանաւակայանը այսօր արեւծագին ենթարկուած է հրթիռակոծումներու, որուն հետեւանքով ալ դադրած է գործելէ։ Կը նշուի նաեւ, որ վնասներու ենթարկուած է օդանաւակայանի յատկապէս վայրէջքի դաշտը։
Յիշեցնենք, որ 12 հոկտեմբերին եւս իսրայէլեան օդուժը հարուածներ տուած էր Հալէպի եւ Դամասկոսի օդանակայաններուն։