Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախարար Արարատ Միրզոյեանի մասնակցութեամբ հանդիպումներու մասին պատշաճ ժամկէտներով կը տեղեկացնէ։
«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին այս մասին ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Անի Բադալեան՝ անդրադառնալով հարցին, թէ արդեօք յայտնի է՞ «3+3» հարթակի յաջորդ հանդիպման օրը եւ անոր ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի մասնակցութեան վերաբերեալ որոշում կա՞յ, թէ ոչ։
«ԱԳ նախարարի մասնակցութեամբ հանդիպումների մասին պատշաճ ժամկէտում տեղեկացնում ենք, նոյնը վերաբերում է նաեւ տուեալ հարթակին»,- ըսած է ԱԳՆ խօսնակը:
Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի աւելի վաղ յայտարարած էր, որ տարածաշրջանային համագործակցութեան «3+3» հարթակի յաջորդ հանդիպման օրն արդէն յայտնի է, եւ անոր վերաբերեալ դիւանագիտական խողովակներով տեղեկատուութիւն կը տարածուի։