image
Հրատապ լուրեր:

20 Տարի անց առաջին անգամ ըլլալով Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս- Պատրիարքը Հալէպ պիտի այցելէ (Լուսանկար)

20  Տարի անց առաջին անգամ ըլլալով Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս- Պատրիարքը Հալէպ պիտի այցելէ (Լուսանկար)

 Երկար տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ԻԱ Պատրիարք Կաթողիկոսը հովուական այցելութիւն մը պիտի տայ դէպի Հալէպ։

 «Արեւելք»ի ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ սփիւռքեան կտրուածքով Հալէպը կը համարուի Հայ Կաթողիկէ համայնքի կեդրոնական թեմերէն մին ու հակառակ Սուրիան տանջահար ըրած պատերազմին հալէպահայ գաղութը կը շարունակէ իր նուիրական երթը։

 Ի դէպ Հոգեւոր Տէրոջ դէպի Հալէպ տալիք այցելութեան մասին մանրամասն լրատւութիւն մը կատարած է «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութիւնը, որուն խմբագիրը Տիար Ռոպէրթ Աթթարեան հանգմանաւոր կերպով գրած է այդ մասին։

 Ստորեւ ներկայացուած լրատւութիւնը։

 

Սուրիոյ հայ կաթողիկէ հաւատացեալները ու յատկապէս Հալէպի հայ կաթողիկէ եկեղեցին, գլխաւորութեամբ Թեմիս առաջնորդ Արհ. Պետրոս Արք. Միրեաթեանին, ուրախութեամբ եւ հրճուանքով կը պատրաստուին հիւրընկալելու Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ԻԱ Պատրիարք Կաթողիկոս` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ին, որ քաղաքը պիտի այցելէ յառաջիկայ 25 օգոստոսէն մինչեւ մէկ սեպտեմբեր 2023։

 

Քսան տարիներ ետք Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքի մը պաշտօնական այցը

 

Այս հովուապետական այցելութիւնը կը հանդիսանայ Մինասեան Հոգեւոր Տիրոջ պաշտօնական առաջին այցը հալէպ եւ Սուրիա, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքի մը վերջին այցէն քսան տարիներ ետքը։ Արդարեւ վերջին այցելութիւնը կատարած էր երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը 2004 թուականին, երբ Ան նախագահեց Աղեքսանդրիոյ ներկայիս հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Գրիգոր Օգոստինոս Քուսայի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը։

 

Մէկ շաբաթ տեւող այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են զանազան հանդիպումներ, ձեռնարկներ եւ աղօթքի ու տօնախմբութեան պահեր։

 

 

 

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն

 

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պիտի այցելէ Հալէպի հայ եւ քրիստոնեայ ու նաեւ իսլամ զանազան հիմնարկութիւններ, հանդիպում ունենալով քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն ու քաղաքական եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ։ Այցելութիւն պիտի տայ Հալէպի հնադարեան բերդին ու նաեւ Ամաուի մզկիթին, ապա Կիրակի 27 օգոստոսին, Հալէպի Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ պիտի գլխաւորէ Պաղտատի նորընտիր Եպիսկոպոս Գերապ. Ներսէս Յովսէփ Զապարեանի եպիսկոպոսական օծման արարողութիւնը։

 

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին Սուրիոյ մէջ

 

Յայտնենք` որ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին Սուրիոյ մէջ ներկայ է ու կը ծառայէ երեք թեմերու մէջ` Հալէպ, Ճէզիրէ եւ Դամասկոս ու վերջին այս տարիներուն, նա մանաւանդ պատերազմի դաժան պահերուն, ջանաց միշտ մօտիկ մնալ իրեն յանձնուած հօտին հոգալով անոր հոգեւոր եւ մարմնաւոր կարիքները։

 

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հովուապետական այցելութիւնը, որ կը համընկնի անոր քահանայական ձեռնադրութեան ոսկեայ յոբելեանի տօնակատարութեան հետ, պիտի աւարտի Հինգշաբթի 31 օգոստոսին անոր մատուցած գոհաբանական սուրբ պատարագով Սրբուհի Պարպարայի ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ։ Յաջորդ օրը Ան վերադարձ կը կատարէ իր նստավայր Լիբանան։