image

1988-ի աւերիչ երկրաշարժէն անցած է 34 տարի

1988-ի աւերիչ երկրաշարժէն անցած է 34 տարի

Այսօր կը լրանայ Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժի 34- րդ տարելիցը։

1988 թուականի Դեկտեմբեր 7-ին՝ ժամը 11։41-ին, երկրաշարժը ցնցեց Հայաստանի հիւսիսը։ Սպիտակի երկրաշարժը աւելի քան 25 հազար մարդու կեանք խլեց։ Աւելի քան 500 հազար մարդ անօթեւան մնաց։ Երկրաշարժը ընդգրկեց ՀՀ տարածքին մօտ 40 տոկոսը: Տուժեց 21 քաղաք եւ շրջան, 342 գիւղ: Լրիւ կամ մասնակի աւերուեցան Սպիտակ, Լենինական, Կիրովական, Ստեփանավան քաղաքները, աւելի քան 230 արդիւնաբերական վայրեր։

Փլուզուած զանգուածներու տակ յայտնուեցան տասնեակ հազարաւոր մարդիկ։ Աւերուեցան դպրոցներ, հիւանդանոցներ։

Աշխարհի տարբեր երկիրներէ օգնութեան փութացին։ Հայաստան եկան հարիւրաւոր փրկարարներ, բժիշկներ: Խորհրդային Միութեան բոլոր հանրապետութիւնները երկրաշարժի առաջին ժամերէն սկսան Հայաստան տեղափոխել` դեղորայք, բուժսարքաւորումներ, շինարարական սարքաւորումներ, վրաններ, սննդամթերք եւ ապա` շինարարական աշխատանքներ կատարել: 1989 թուականին աղէտի գօտիին մէջ կ՛աշխատէին Խորհրդային Միութեան տարբեր շրջաններէ եկած աւելի քան 40 հազար մասնագէտներ, զինծառայողներ:

Հայաստանին համակողմանի օգնութիւն ցոյց տուին աշխարհի աւելի քան 113 երկիրներ եւ 7 միջազգային կազմակերպութիւններ:

Տարբեր պետութիւններ շարունակեցին օգնութիւնը Հայաստանին նաեւ հետագայ տարիներուն: Իտալացիները  ամբողջ բնակելի թաղամաս մը կառուցեցին Սպիտակի մէջ, նորվեկիացիները` ժամանակակից հիւանդանոց։ Թաղամաս կառուցած են աւստրիացիները: Գիւմրիի մէջ շահագործման յանձնուեցան անգլիացիներու կառուցած դպրոցը։