image
Հրատապ լուրեր:

150 դրամ. աւագանին հաստատեց մէկանգամեայ ուղետոմսի գինը

150 դրամ. աւագանին հաստատեց մէկանգամեայ ուղետոմսի գինը

Երեւանի աւագանին հաստատած է՝ հանրային փոխադրամիջոցով մէկ ուղեւորութեան գինը պիտի ըլլայ 150 դրամ։ Որոշումն ընդունուած է աւագանիի յունուար 31-ի նիստին։

Ըստ որոշման՝ մէկ ուղեւորութեան ֆիզիքական կամ ելեկտրոնային տոմսը պիտի արժէ 150 դրամ եւ ձեռքբերման պահէն պիտի գործէ երեք օր։

2025-ի յունուար 1-էն մինչեւ փետրուար 28-ը քաղաքացիներու ձեռք բերած «30 օր», «90 օր» եւ «365 օր» փաթեթներու ժամկէտները պիտի աւելցուին եւս 30 օրով։ Փետրուար 28-էն ետք բոլոր փաթեթները պիտի գործեն նախկին ձեւով։

Յունուար 28-ին Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը, վկայակոչելով «տասնեակ հազարաւոր զանգերն ու յորդորները», անսպասելի յայտարարած էր, որ մէկանգամեայ ուղեւորութեան գին պիտի սահմանուի 150 դրամը։ Քաղաքապետարանի՝ աւելի վաղ ներկայացուցած փաթեթներուն մէջ, մինչդեռ, չկար մէկ ուղեւորութեան սահմանուած արժէք։

«Ես այստեղ որեւէ տեսակի յետքայլ չեմ տեսնում, որովհետեւ ժողովրդաւորութեան գործօններից մէկը այն է, որ իշխանութիւնը լսի իր ժողովրդին ու իր ժողովրդի պահանջը եւ շատ դէպքերում կատարի»,- աւագանիի այսօրուան նիստին ըսած է Տիգրան Աւինեանը։

Փոխքաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեանն ալ նշած է, որ «Մէկ ուղևորութիւն» ֆիզիքական կամ ելեկտրոնային տոմսը՝ 150 դրամը, հնարաւոր պիտի ըլլայ վճարել եւ դրամատնային քարտով, ե՛ւ յաւելուածի միջոցով։

Անոր խօսքով՝ իրենց նպատակը «ոչ թէ ֆինանսական տրամաբանութիւն ունի, այլ՝ քաղաքացիների միասնական տոմսային համակարգի ներգրաւման եւ իրենց կողմից համակարգին ծանօթանալու նպատակ»։

Նիստին քաշքշուկ եղած է. աւագանիի ընդդիմադիր անդամները տեղէն սկսած են պոռալ, երբ Աւինեանը անոնց մեղադրած է «մէկ տարի շարունակ քաղաքացիներին մանիպուլացնելու եւ ուղետոմսի գինը 300 դրամ ներկայացնելու մէջ»:

«Հանգստացաք հլը մի հատ»,- սաստած է Աւինեանը եւ դահլիճ հրաւիրած ոստիկանները, որ «Մայր Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Սամուէլ Յակոբեանը դուրս տանին:

Քաղաքապետարանի՝ հանրային փոխադրութեան բարեփոխումներու եւ առաջարկուող փաթեթներու դէմ բողոքի փողոցային ցոյցեր կը կատարեն «Մայր Հայաստան» խմբակցութիւնը եւ Երեւանի նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը։