image
Հրատապ լուրեր:

Յովակիմ Սրբազան Եկեղեցւոյ Միութեան Օրուան Առթիւ Պատգամ Մը Յղեց

Յովակիմ Սրբազան  Եկեղեցւոյ  Միութեան Օրուան  Առթիւ  Պատգամ Մը Յղեց

Լոնտոնի  Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ այսօր   երեկոյեան տեղի ունեցած պատարագի  ընթացքին  Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ   Մեծն Բրիտանիոյ  եւ Իռլանտիայի թեմի  առաջնորդ  Տ. Յովակիմ  Եպս.  Մանուկեան    յատուկ  պատգամով հանդէս եկաւ: Սրբազան հայրը,  վեր առնելէ ետք քրիստոնէական բարձրագոյն արժէքները,   կարեւորեց  եկեղեցիներու միջեւ առկայ կապերու  ամրապնդումը: Նշենք, որ    «Եկեղեցւոյ միութեան» ընդհանուր խորագրին  տակ   տարբեր  համայնքներու անդամներ  այսօր  Լոնդոնի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ  ներկայ եղան      Սուրբ պատարագի արարողութեան: