Թուրքիա- («Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիյուզ»- Պոլսի)- Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան (HDP) ղեկավարը յայտարարած է, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (PKK) ուզած է թրքական կառավարութեան հետ բանակցութեան սեղան վերադառնալ, հակառակ անոր կողմէ երկրի հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ տասնամեակներէ ի վեր մղուած անենավայրագ մարտերուն՝ սակայն Անգարան մերժած է այդ մէկը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հիւրրիյէթ»ը, նշելով, որ HDP-ի համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշը ըսած է, որ իր կուսակցութիւնը յաջողած էր Հիւսիսային Իրաքի մէջ դիրքաւորուած PKK-ի ղեկավարներէն Քանտիլին համոզել բանակցային սեղանի վերադառանլ, սակայն Անգարան նշած է, որ բացարձակապէս բանակցութիւնները վերսկսելու մտադիր չէ:
Աղբիւրի համաձայն, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, իր հերթին հրապարակաւ բացառած է բանակցութիւններուն վերադառնալը եւ խոստացած է ջախջախիչ հարուած հասցնել «անօրինական խումբին»:
Միւս կողմէ Տեմիրթաշ նշած է, որ քաղաքացիներու կեանքի կորուստը եւ անվտանգութեան գործողութիւնները ահագնութիւնը Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան շրջանին մէջ անցած էր պատերազմական հանցագործութիւններու սահմանը, ինչպէս նաեւ խմբային պատիժամիջոցները: