25 Տարի առաջ այսօր մեր ժողովուրդի արգանդէն ծնած ամէնէն արի զաւակները եռագոյնը կը պարզէին Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ դիմաց:
Եկեղեցին, որ դարձած էր ազերի հրոսակներու արկերու եւ ռումբերու «պահեստանոց» ապահով կերպով կը վնասազերծուէր ու մեր հերոսները ժամերու ընթացքին Շուշին «կը մաքրէին» հայութեան ոսոխներու վերջին կտորներէն:
Եթէ համայնական պատկերի մը մէջ դնենք ազրպէյճանեան կողմին արարքները, ապա գաղտնիք չէ, որ Պաքու այդ օրերուն ալ, երբ տակաւին Տահէշը գոյութիւն չունէր ահաբեկչական ամէնէն զազրելի արարքները կը գործէր Լեռնային Ղարաբաղի Բնակչութեան անզէն բնակիչներուն դէմ:
Ոճիր, Ստեփանակերտի անզէն բնակչութեան դէմ արկանետումներ, աւերածութիւն եւ բարբարոսութիւն:
Պաքուի նպատակը մէկ էր` դատարկել Ղարաբաղը իր դարաւոր բնակիչներէն:
Ու միջոցներուն մէջ խտիր չդնելով մահացու հարուած տալ խաղաղ բնակչութեան բոլոր շերտերուն:
Հայութեան առջեւ մահ ու կենաց խնդիր էր ազատագրել Շուշի բերդաքաղաքը եւ նոր էջ բանալ Արցախի Հանրապետութեան ամրացման ճանապարհին վրայ:
Ու ատոր համար էր նաեւ, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի տարբեր ծայրերէն Ստեփանակերտ հասած հայ անձնուրացները պատմութեան անիւը շրջելու քայլով մէկ դրօշի՝ հայութեան դրօշի տակ կ'ազատագրէին Շուշին հպարտութեան, յաղթանակի, ազգային ամենավսեմ զգացումներու առիթ տալով, ոչ միայն արցախցիներուն այլեւ համայն հայութեան:
Շուշիի պատմական յաղթանակը կը դառնար մեծագոյն գործօն մը հայութեան տարբեր- տարբեր շերտերը մէկ գաղափարի մէջ ձուլելու:
Շուշին կը դառնար բոլոր ժամանակներէ վեր եղող հերոսներու ձուլարան մը:
Հերոսական այդ բերդաքաղաքի ազատագրումը պատգամ մը դառնար հայութեան բոլոր թշնամիներուն համար:
Այսօր այդ պատմական պահէն 25 տարի անց, հարկ է անուն առ անուն յիշել այն անձնուրացները, որոնք կեանքի գնով հայութեան գիրկը բերին դարերու ամրոց եւ հայ ոգիի անառիկ բերդ հանդիսացող այդ քաղաքը:
Այս ամբողջ դիպաշարին մէջ հիմնական փաստ է, որ Շուշին չէր ազատագրուէր եթէ չըլլային մեր անձուրացները:
Բոլոր տեսակի միջոցներէն անդին, բոլոր տեսակի արդիական զէնքերէն աւելի կենսական եւ ամէն ժամանակներու ռազմական հնարքներէն վեր է անոնց աւանդը:
Շուշիի ազատագրումը կու գար ամրագրելու, որ հայութեան ունեցած ամէնէն թանկ զէնքը՝ հայ մարդն է, որ օրհասի պահուն պատրաստ է իր կեանքը դնել մեր ազգի զոհասեղանին վրայ:
Այսօր Շուշին դարձած է մեր հպարտութեան խորհրդանիշը, ու անոր պատերուն տակ վաղուան մեր բոցավառ յաղթանակներու հերոսները հասակ կ'առնեն: