Կեանքէն հեռացած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլէմը, ան 79 տարեկան էր: Այս մասին կը հաղորդէ Սուրիոյ պետական SANA գործակալութիւնը։ Մահուան պատճառը չի նշուիր։
Մուալլէմ ծնած է 1941-ին, Դամասկոսի մէջ: Աւարտած է Գահիրէի համալսարանի տնտեսագիտական բաժինը։ Ան Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը վարած է 2006 թուականէն։
Այս տարուան սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի գլխաւոր վեհաժողովի 75-րդ նստաշրջանի համընդհանուր քաղաքական բանավէճերու ժամանակ ելոյթ ունեցած է՝ յայտարարելով, որ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան եւ թրքական ուժերու մշտական ներկայութիւնը անօրինական գրաւում է։