Երեւանի մէջ այսօր իր մահկանացուն կնքած է ՍԴՀԿ Հայաստանի վարչութեան անդամ Շաւարշ Աբրահամեանը: Հանգուցեալը ծնած էր Երեւանի մէջ 25 Դեկտեմբեր, 1965-ին:1982-ին կ'աւարտէ «Ստեփան Շահումեան» անուան թիվ 1 դպրոցը, այնուհետեւ «Գոբերաթիւ Տեխնիկումի» հաշուապահական բաժինը:Երկար տարիներ եղած է «Մասիս» կօշիկի գործարանի արտադրամասի պետ: 2010 նԹուականէն սկսեալ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան անդամ է եւ 2015 թուականին ընտրուած է ՍԴՀԿ Հայաստանի վարչութեան անդամ:Հանգուցեալին յուղարկաւորութեան եւ թաղման մասին մանրամասնութիւնները պիտի փոխանցուին աւելի ուշ: