Այսօր Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է պատմաբան եւ գիտաշխատող Պետրոս Յովհաննիսեանը: Այս մասին տեղեկութեանը վերահասու կը դառնանք Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի Ֆէյսպուքեան էջէն: Նշենք, որ հանգուցեալը երկար տարիներէ ի վեր կը դասախօսէր Գէորգեան ճեմարանէն ներս: 1944-ին Կիւմրի ծնած Յովհաննիսեանի ուսումնասիրութիւններու հիմնական առանցքը յայտնի պատմագէտ Նիկողայոս Ադոնցի պատմագիտական ժառանգութիւնն է: