ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի անդամ 14 երկիրներ երէկ յօգուտ քուէարկեցին օրինագծի մը, որ խստիւ կը դատապարտէր Իսրայէլի կառավարութեան վերաբնակեցան քաղաքականութիւնը եւ կոչ կ'ընէր արագօրէն դադրեցնել Նաթանիհայու կառախարութեան նախաձեռնած վերաբնակեցման բոլոր ծրագիրները:
Անվտանգութեան Խորհուրդի անդամ երկիրներու վերաբնակեցման դէմ արտայայտուած կեցուածքը նորութիւն չէր, սակայն նիստի ընթացքին «մեծագոյն անակնկալ»ը ԱՄՆ-ի ձեռնպահ մնալն էր:
Իսրայէլի համար առաջին անգամը չէ, որ ՄԱԿ-ի մէջ նման ճնշիչ մթնոլորտ մը կը ձեւաւորուի, որուն աւարտին ԱՄՆ իր դարակէն կը հանէ «Վէթո»ի իրաւունքը եւ կը տապալէ հակա-իսրայէլ ցանկացած օրինագիծ:
Որոշումին մասին եղած լրատուութիւնէն անմիջապէս ետք իսրայէլացի պատասխանատուներ խստիւ կը դատապարտէին եղածը, իսկ վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահու, որուն վարած քաղաքականութեան մէջ հիմնարար տեղ կը գրաւէ վերաբնակեցման քաղաքականութիւնը կը յայտարարէր, թէ «այս որոշումը անընդունելի է եւ Իսրայէլ պիտի շարունակէ վերաբնակեցման իր ծրագիրները»:
Իսրայէլի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ այս երեւալի լարուածութիւնը առաջին անգամն է, որ կը հասնի նման «բարձր լարում»ի ու յառաջիկայ օրերը այս առումով կրնան յղի ըլլալ երկու կողմերուն միջեւ նոր տագնապներու:
Այս բոլորին հետ մէկտեղ կարեւորը ԱՄՆ–Իսրայէլ յարաբերութիւններու ընդհանուր իրավիճակն է եւ հարցումը, որ կը տրուի արդեօ՞ք այդ յարաբերութիւնները (որ բաւականին լարուած են) նոր անկում պիտի ապրին:
Թէլ Աւիւի հիմնական «արտաքին թիկնազօր»ը Նիւ Եորքի, Ուաշինկթընի եւ տարբեր «որոշիչ» քաղաքներու մէջ եղող հրէական լոպիինկն է, որ մինչեւ այս պահը կը սպասէ Թէլ Աւիւի ազդանշանին: