Թուրքիա- («Today’s Zaman»- Պոլիս)- Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ օր ըստ օրէ ազատ կարծիքի եւ լրատուամիջոցներու դէմ աշխուժացող ապօրինի ճնշումներու, եւ տասնեակ քրէական գործեր յարուցելու արշաւին թիրախ դարձած է նաեւ «Today’s Zaman»ի գլխաւոր խմբագիր Պիւլէնթ Քէնէշ: Այս մասին գրող աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, թէ Քէնէշ, որ հանդիսացած է անգլերէնով լոյս տեսնող ամենատարածուած թրքական օրաթերթի ղեկավարը ՝2007-էն, այսինքն թերթի մեկնարկման առաջին օրէն սկսեալ կրնայ Էրտողանին դէմ իր ուղղած գրառումներուն համար 8 տարուան ազատազրկման պատիժ կրել: Թերթը կը տեղեկացնէ նաեւ, որ Քէնէշ կառավարութեան կողմէ քննադաող լրագողները սանձահարելու արշաւին ներգրաւուած ըլլալուն համար, Հինգշաբթի օր յայտրարած է իր հրաժարումը Today’a Zaman-ի խմբագրի պաշտօնէն:Թուրք խմբագիրը իր յայտարարութեան մէջ նշած է, որ ինք փորձած է անկեծօրէն իր գործը կատարել լաւագոյն ձեւով, դիմակայել ամէն տեսակի ճնշումները, պահպանած ըլլալու համար թերթի վարկը, սակայն այժմ որոշած է աւելի ժամանակ անցնել ընտանիքին հետ, եւ հոգ տանիլ առողջութեանը, յաջողութիւն մաղթելով «Տէյլի»ի իր գործընկերներուն եւ շնոհակալութիւն յայտնելով իր ընթերցողներուն տարիներու ընթացքին զինք մեծապէս աջակցած ըլլալնուն համար: