Թուրքիոյ հարաւ արեւելեան շրջանի նահանգները տակաւին ներքին պատերազմի պայմաններ կ'ապրին: Բուռն կռիւները կը շարունակուին Տիարպէքիրի Սուր գաւառին մէջ, ուր 54 օրէ ի վեր հռչակուած է պարէտային ժամ: Ամէն օր զինեալ բախումներ կը կատարուին թուրք ուժերու եւ PKK-ի զինեալներու միջեւ, որու հետեւանքով շրջանի գաւառները աւերակեալ վիճակ մը կը պարզեն:
Թրքական «Zaman» թերթի համաձայն, ոստիկաններէ, զինուորներէ ու քաղաքացիներէ կազմուած խումբեր պայքար կը մղեն Հասըրլը թաղամասին մէջ, ուր թրքական կողմը քիւրտ զինեալներու պատնէշներն ու խրամատները հրասայլերով կը ռմբակոծէ, ինչի պատճառով ալ այս վայրերու պատմական կարեւոր յուշարձանները լուրջ վտանգի երթարկուած են, որոնց շարքին է Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, որ կը գտնուի բախումներու կեդրոնին վրայ եւ մտավախութիւններ կան, որ տիրող բախումներու պատճառով եկեղեցին աւելի մեծ վնասներու ենթարկուի:
Յիշեցնենք, որ 1400 տարուան պատմութիւն ունեցող Սուրբ Կիրակոսը Միջին Ասիոյ ամենամեծ հայկական եկեղեցին է, որ ունի եօթ խորաններ: 1915-ի դէպքերէն ի վեր կիսաւէր մնալէ ետք, ան վերանորոգուած եւ մեծ շուքով վերաբացուած է 2012-ին: Իսկ 2015 թուականին եկեղեցին արժանացած է Եւրոմիութեան մշակութայի ժառանգութեան «Մեծ մրցանակ»-ին: