Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովին (ԹԱՄԺ) օրենսդրական առաջարկ ներկայացուած է 1900-ականներու սկիզբը Նամիպիոյ մէջ Գերմանիոյ կողմէ իրականացուած ջարդերը ճանչնալ որպէս ցեղասպանութիւն: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Habergazetesi» լրատուական կայքը, յայտնելով, որ օրենսդրական առաջարկի հեղինակը իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան» (AKP) պատգամաւոր Մեթին Քիւլիւնքն է: «Խորհրդարանին կ'առաջարկենք Գերմանիոյ կողմէ Նամիբիոյ մէջ իրականացուած ցեղասպանութեան հարցը քննարկել լիագումար նիստին»,- գրած է առաջարկի հեղինակը:
Նշենք, որ Նամիպիական ցեղասպանութիւնը` 1904-1907 թուականներուն կայսերական Գերմանիոյ գաղութատիրական զօրքերուն կողմէ հերերօ եւ նամա ցեղերու անդամներուն մինչեւ 80 առ հարիւրին սպանութիւնն է հարաւարեւմտեան Ափրիկէի մէջ: Ցեղասպանութեան զոհ գացած է 75.000 մարդ: Գերմանիան 2004-ին ընդունած է Նամիպիոյ մէջ ցեղասպանութեան փաստը: