Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Թուրքիոյ կառավարութեան նիստէն ետք, փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ երկուշաբթի յայտարարած է, որ Թուրքիան կ'ողջունէ Սուրիոյ մէջ յայտարարուելիք հրադադարի ծրագիրը, որ մշակուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի կողմէ: Այս մասին կը գրէ «Սապահ» նշելով, որ փոխվարչապետը յոյս յայտնած է, որ Մոսկուան այժմ պիտի դադարեցնէ նաեւ քաղաքացիներուն ուղղուած իր օդային հարուածումները: «Մենք յոյս ունինք, որ Ռուսաստանը, իր «Տահէշ»ի դէմ պայքարի ընթացքին, պիտի չարձակէ իր հրթիռները՝ սպաննելով անմեղ մարդոց, մինչ բանակցութիւնները տեղի կ'ունենան վերջ տալու շուրջ հինգ տարի տեւած հակամարտութեան» ըսած է Քուրթուլմուշ: «Սապահ» կը յայտնէ, որ անգամ մը եւս ընդգծելով Թուրքիոյ դիրքորոշումը, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը պէտք է հեռանայ, Քուրթուլմուշ ըսած է. «մեր փափաքն է, որ անոնք, որոնք յանցագործութիւններ գործեցին իրենց սեփական ժողովուրդին դէմ, ըսելիք չունենան Սուրիոյ ապագային համար»: