Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ յառաջիկայ Յունիս 2ին քուէարկութեան պիտի ներկայացուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին բանաձեւը, եւ կարգ մը գերմանացի երեսփոխաններ վստահ են, որ բանաձեւը պիտի ընդունուի։ Թուրք ծագումով երեսփոխան Ճեմ Օզտեմիրի կողքին այլ երեսփոխաններ եւս այս հարցով իրենց տեսակէտները փոխանցած են մամուլին։ Այսպէս, Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակի նախագահ Թոմաս Օպերման համոզում յայտնած է, որ դաշնակցային խորհրդարանը պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Յունիս 2ին խորհրդարանը պաշտօնապէս «ցեղասպանութիւն» պիտի որակէ Համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն հայերու զանգուածային կոտորածներն ու տեղահանութիւնը։
Այս զարգացումներու լոյսին տակ, Թուրքիա ազդարարութիւններ ուղղած է Գերմանիոյ խորհրդարանին։ Իր կարգին, Թուրքիոյ դեսպան Հիւսէյն Աւնի Քարսլըօղլու ըսած է, որ պատմական իրադարձութիւններու մասին դատողութիւններ ընելը ազգային խորհրդարաններու կամ պետութեան սահմաններուն մէջ չէ, աւելցնելով, որ «Քաղաքական գործիչները կը կողմնորոշուին քաղաքական կամ կրօնական շարժառիթներով»։ Դեսպանը նաեւ ըսած է, որ եթէ Գերմանիա չընդունի այս բանաձեւը, նպաստած պիտի ըլլայ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման:
Նշենք, որ հակառակ Թուրքիոյ բոլոր ջանքերուն, Ապրիլ 30ին, Գերմանիոյ Տրեզտըն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է «Աղէտ» խորագիրով համերգը, որ նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: