image

Թուրք փաստաբանը Պունտեսթակի որոշումը չեղարկելու դիմում ներկայացուցած է Գերմանիոյ Սահմանադրական դատարան

Թուրք փաստաբանը Պունտեսթակի որոշումը չեղարկելու դիմում ներկայացուցած է Գերմանիոյ Սահմանադրական դատարան

Թուրք փաստաբան Ռամատան Աքպաշը Գերմանիոյ դաշնային խորհրդարանի ընդունած Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրինագիծը չեղարկելու համար իրաւական գործընթաց սկսած է: Ան համապատասխան դիմում ներկայացուցած է Գերմանիոյ Սահմանադրական դատարան, ինչպէս նաեւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ): Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Dogan» լրատուական գործակալութիւնը, նշելով, որ Աքպաշ շեշտած է, թէ Գերմանիա բնակող  4,5 միլիոն թուրքերէն ու թրքական ծագումով գերմանացիներէն իւրաքանչիւրը կրնայ անհատական հայցով դիմել Գերմանիոյ Սահմանադրական դատարան:

Աքպաշ նկատել տուած է, որ Պունտեսթակը  նկատի չէ առած գերմանաբնակ թուրքերու կարծիքը եւ այդպիսով հարուած հասցուցած է երկրի մէջ տիրող ներքին խաղաղութեան: «Գերմանիան կրակի հետ կը խաղայ: Երկրի մէջ տիրող իսլամաֆոպիայի դրսեւորումները, ինչպէս նաեւ թուրքերու դէմ թշնամանքը աւելի պիտի տարածուին: Տեղի ունեցածը, խիստ վտանգաւոր է»:

Աքպաշ մտավախութիւն յայտնած է նաեւ, որ այս որոշումէն ետք Հայոց ցեղասպանութեան մասին դիրքորոշումը կարտացոլուի նաեւ դասագիրքերուն մէջ: