image

Թուրք պատմաբան Թանէր Աքչամ արժանացած է «Հայերու բարեկամ» մրցանակին

Թուրք պատմաբան Թանէր Աքչամ արժանացած է «Հայերու բարեկամ» մրցանակին

Ամերիկեան Քլարք համալսարանի (Մասաչուսեթս) պատմութեան փրոֆեսոր Թանէր Աքչամը Ամերիկայի Հայկական եկեղեցւոյ (Արեւելեան) թեմի կողմէ արժանացած է «Հայ ժողովուրդի բարեկամ» մրցանակին: Ինչպէս կը տեղեկացնէ Massis Post-ը` մրցանակի յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 29 ապրիլին:

«Մեծ պատիւ է ինձ համար ճանչցուիլ որպէս հայ ժողովուրդի բարեկամ: Մինչ իշխանութիւնն է, եւ ոչ թէ ճշմարտութիւնը, որ կ'իշխէ քաղաքականութեան մէջ, սակայն ճշմարտութիւնն է, որ կը յաղթանակէ կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներէն ներս»,  -ըսած է Աքչամ:

Նշենք, որ թուրք պատմաբան, ընկերաբան եւ հրապարակախօս Թաներ Աքչամ առաջին թուրք ակադեմիկոսներէն է, որ ճանչցած ու ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: 1976-ին Աքչամին ձերբակալած եւ դատապարտած են 10 տարուան բանտարկութեամբ, սակայն ան կրցած է փախիլ եւ տեղափոխուիլ Գերմանիա, ուր ան ստացած է քաղաքական փախստականի կարգավիճակ: