Յառաջիկայ 20 տարիներու ընթացքին ՀՀ առաջին նախագահի կեանքին եւ աշխատունակութեան որեւէ վտանգ չի սպառնար, այս մասին կը փոխանցեն Տէր-Պետրոսեանի գրասենյակէն: Պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ Յունուար 26-ին Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը Կլէնտէյլի «Մեմորիալ» հիւանդանոցին մէջ ենթարկուած է յետվիրահատական ստուգման, Փեթար Վուքասին եւ Գալուստ Եուքար երկու բժիշկներու կողմէ: Վերջիններս գոհունակութիւն յայտնած են Տէր-Պետրոսեանի ապաքինման ընթացքի վերաբերեալ եւ յաւաստիացուցած են, որ անոր կեանքին յառաջիկայ 20 տարիներուն որեւէ առողջական վտանգ չի սպառնար: Կը նշուի նաեւ, որ Լ. Տէր-Պետրոսեանը կը պատրաստուի Երեւան վերադառնալ 2-3 շաբաթէն: