Երուսաղէմ («Հաարէց»- Թէլ Աւիւ) - Իսրայէլեան «Haaretz» թերթը «Տահէշ»ին վերագրուող յայտարարութիւն մը հրապարակած է, ուր ան Ռամատան ամսուան ընթացքին, քրիստոնեաներուն ցեղասպանութեամբ եւ Երուսաղմէն ու հին քաղաքէն դուրս բերելով կը սպառնայ: «Հաարէց» նաեւ նշած է, որ «Տահէշ»ի կողմէ այս յայտարարութեան մէջ Իսրայէլ բնակող իսլամներէն պահանջուած է կազմակերպութեան տեղեկացնել քրիստոնէաբնակ շրջաններու մասին, անոնց՝ Իսրայէլի կողմնակից եւ Ամմարիներու խնամակալութեան դաւաճաններ անուանելով: Թերթը նաեւ նշած է, որ այդ յայտարարութեամբ «Տահէշ» կը սպառնայ Իսրայէլի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն դէմ ահաբեկչական առաջին յարձակումները ուղղել Շահֆաթ քաղաքի եւ քրիստոնեաներու հաւաքավայրերուն վրայ, ինչպէս նաեւ՝ հին քաղաքի եւ Ս. Յարութեան եկեղեցւոյ ուղղութեամբ:
Թերթը նաեւ կը նշէ, որ «Տահէշ»ի յայտարարութեան մէջ Իսրայէլի իսլամներուն կ'ըսուի, որ այս յարձակումներու նպատակը Իսրայէլը քրիստոնեաներէն մաքրելն է, որպէսզի Ալ-Ֆըթրի սուրբ տօնին Իսրայէլի մէջ ոչ մէկ քրիստոնեայ մնացած ըլլայ:
Կը նշուի նաեւ, որ յայտարարութեան մէջ ոչ մէկ խօսք կամ սպառնալիք չէ հնչած Իսրայէլի հրեաներուն հասցէին: