image

Սուրիացի Նորածիններու «Վաճառք» Լիբանանի մէջ

Սուրիացի Նորածիններու «Վաճառք» Լիբանանի մէջ

Սուրիոյ պատերազմին  հետեւանք հանդիսացող ծանր    երեւոյթներէն մէկը համարուած «մարդկային առեւտուր»ի երեւոյթին վերաբերեալ նոր զարգացումներ   կը գրանցուին: Այս մասին այսօր տեղեկութիւն կը հաղորդէ  լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի. Այ.»  արբանեակային   ալիքը, որ     կը հաղորդէ է, թէ սուրիացի նորածին երեխաներ    «կը վաճառուին»  Լիբանանի մէջ: Աղբիւրը նաեւ   կը  հաղորդէ, որ սուրիացի  յղի կանայք լիբանանեան  սահմանին կը մօտեցուին, ուր կը ծննդաբերեն  եւ անոնց «պտուղ»ները կը ծախուին  Լիբանանի  սահմանին:  Կայանը, որ այս մասին հետաքննական  րէժորթաժ մը պատրաստած է,  նաեւ  կը հաստատէ, թէ Սուրիոյ  բժիշկներու   սենտինքան վերջին օրերուն իր շարքերէն վտարած է 3   բժիշկներ, որոնք կը մեղադրուին նման յանցագործութիւններու մէջ մասնակից ըլլալու   մէջ:  Կը հաղորդուի նաեւ, որ   նորածիններու վաճառքը կը կատարուի  նիւթական  շատ բարձր    վճարումներու  փոխարէն: