image
Հրատապ լուրեր:

Սինայի Աղէտ. Մոսկուա 50 Միլիոն Տոլարի Դրամաշնորհ Կը Խոստանայ

Սինայի Աղէտ. Մոսկուա  50 Միլիոն Տոլարի Դրամաշնորհ  Կը Խոստանայ

Ռուսիա- («Ալ Ժատիտ»- Պէյրութ) Ռուսիա  50  Միլիոն  ամերիկեան տոլարի դրամաշնորհ մը խոստացած է անոնց, որոնք  կարեւոր տեղեկութիւններ կը փոխանցեն   Եգիպտոսի Սինա   շրջանին  վերեւ  ջախջախուած ռուսական   օդանաւին  մասին:  Նշենք, որ  ըստ Ինթէրֆաքս լրատուական գործակալութեան, այսօր   Մոսկուա  պաշտօնապէս յայտարարած է, թէ Սինայի   օդանաւին  դէպքը արդիւնք էր ահաբեկչութեան: Ըստ  տրուած   լրատուութեան,   օդանաւին մէջ  տեղադրուած եղած է  մէկ քիլոկրամ  կշռող  պայթուցիկ  նիւթ, որուն   պայթումին հետեւանքով օդանաւը   ինկած ու պատճառ դարձած է, որ անոր  բոլոր ուղեւորները զոհուին: