Մեծանուն գրող Ուիլեըմ Սարոյեանի Ֆրեզնոյի տունը դասական թանգարան պիտի չըլլայ, այլ նորագոյն արհեստագիտութեան օգտագործումովայցելուներուն հնարաւորութիւն պիտի տայ աւելի մօտէն ծանօթանալու հեղինակին: Այս մասին կը տեղեկացնեն «Saroyan House» նախագիծին պատասխանատուները։ Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Սարոյեանի բնակարանը գնած «Մտաւորական զարթօնք» հիմնադրամը ցարդ չէ որոշած, թէ ինչպէս պիտի իրականացնէ Սարոյեանի ցանկութիւնը, որ իր տունը դառնայ ուսանողներու կացարան, եւ երիտասարդները այնտեղ գան ու ստեղծագործեն: Սարոյան իր այս ցանկութեան մասին ակնարկած է իր կտակին մէջ:
Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ հիմնադրամը գնած էր Սարոյեանի աճուրդի հանուած տունը՝ զայն տուն-թանգարան դարձնելու նպատակով, այս ծրագիրը իրականացելու նպատակով Երեւանի մէջ հիմնուեցաւ «Սարոյանասէրներու ակումբ»ը: Նախագիծի պատասխանատուներու նախատեսութեամբ, Սարոյեանի տունն ու այգին պիտի վերածուին մշակութային կեդրոնի եւ գրատունի, իսկ սենեակներէն մէկուն մէջ պիտի վերականգնուի «սարոյեանական միջավայր»ը, ուր այցելուները պիտի կարենան տեսնել զինք ու լսել անոր ձայնը: Թանգարանը կեանքի կոչելու նպատակով պիտի սկսի նաեւ Սարոյեանի պատկանող իրերու հաւաքագրումը: Այս առումով հիմնադրամի տնօրէն Յակոբ Յակոբեան կը տեղեկացնէ, որ այդ նպատակով յայտարարութիւններ տարածած են Քալիֆորնիոյ լրատուամիջոցներով եւ դիմած են Սթենֆըրտի համալսարանին ու Քալիֆորնիոյ համալսարաններու ցանցին: Երգչուհի Յասմիկ Յարութիւնեան իր կարգին կը տեղեկացնէ, որ Սարոյեանի արխիւին զգալի մէկ մասը աճուրդով գնած է գրողի ազգականներէն մէկը, եւ կարելի է նման մասունքներ դարձեալ գտնել:
Նախագիծի պատասխանատուներու նախատեսութեամբ, 2729 W. Griffith Way հասցէով գտնուող տունը, հաւանական է, որ մինչեւ տարեվերջ վերածուի աշխարհահռչակ գրող Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան տուն-թանգարանի:
Նիւթի աղբիւր՝ Ասպարէզ