image

Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ հիմնադրամը դիմած է դատարան

Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ հիմնադրամը դիմած է դատարան

Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամը դատական հայց ներկայացուցած է՝ եկեղեցին պետականացնելու մասին Թուրքիոյ նախարարներու խորհուրդի կողմէ ընդունուած որոշումը չեղեալ յայտարարելու պահանջով: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Diyarinsesi.org» լրատուական կայքը, յայտնելով, որ Թուրքիոյ կառավարութեան եւ տարածքային կառավարման ու քաղաքաշինութեան նախարարութեան դէմ ներկայացուած դատական հայցին մէջ նշուած է, թէ «Եկեղեցիներն ու վանքերը յատուկ պահպանութեան տակ գտնուող մշակութային եւ բնական ժառանգութիւններու ցանկին են: Նշեալ անշարժ գոյքերը պետականացնելու ժամանակ պէտք է կիրառուի «Մշակութային եւ բնական ժառանգութեան պահպանման մասին» օրէնքը: Նախարարներու խորհուրդի կողմէ ընդունուած որոշմամբ կոպտօրէն խախտուած է նշեալ օրէնքը»:

 Աղբիւրի համաձայն, դիմումին մէջ նաեւ յղում կատարուած է Լոզանի պայմանագրին. «Լոզանի պայմանագրով ազգային փոքրամասնութիւններու (Թուրքիոյ-խմբ.) համար հաւասար իրաւունքներ նախատեսուած է բարեգործական, կրօնական եւ ընկերային կազմակերպութիւններ հիմնելու, ղեկավարելու եւ զանոնք վերահսկելու հարցով: Մասնաւորապէս պայմանագրի 42-րդ յօդուածով Թուրքիոյ կառավարութիւնը կ'երաշխաւորէ փոքրամասնութիւններու եկեղեցիներու ու կրօնական կառոյցներու պաշտպանութիւնը: Պետականացման որոշումը կը հակասէ Լոզանի պայմանագրին եւ սահմանադրութեան 90-րդ յօդուածին»:

 Նշենք, որ Թուրքիոյ նախարարներու խորհուրդի կողմէ 25 մարտին պետականացման որոշում ընդունուած էր շուրջ 6.300 տարածքի ու անշարժ գոյքի վերաբերեալ, որոնց շարքին են հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին,  ասորական ու բողոքական  եկեղեցիները: