ՌՈՒՍԻԱ: («Ալ Հայաթ»- Լոնտոն) Մուսկուա շարունակեց մեղադրական ոճով խօսիլ Անգարայի դէմ` զայն ամբաստանելով «Բոլոր կարմիր գիծերը անցած» ըլլալուն մէջ: Տարբեր աղբիւրներ նաեւ յայտնեցին, որ Մոսկուա մտադիր է փակել տալ Սուրիա-Թուրքիա սահմանը, միաժամանակ պատրաստակամութիւն յայտնելով ամէն տեսակի օժանդակութիւն ցուցաբերել Սուրիոյ իշխանութեանց: Մինչ Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան խնդրեց Ռուսիոյ նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինէն ժողով մը գումարել Փարիզի մէջ, զգուշացնելով անոր «կրակի հետ խաղալէ», Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լավրով իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց համագործակցելու «Սուրիոյ ազատ բանակի» որոշ ընտրուած խմբակներուն հետ, նշելով այդ խումբերը: Միաժամանակ անոր Ֆրանսացի պաշտօնակիցը` Լորան Ֆապիւս ըսաւ, որ Փարիզ պատրաստ է անցումային շրջանի քաղաքական լուծումի հաստատումէն ետք միայն, ընդունելու դաշինք մը, որ կ'ընդգրկէ Սուրիոյ օրինաւոր բանակը, պատերազմելու համար «Տահէշ»ի դէմ:
Այլ գետնի վրայ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլէմը Մոսկուա կատարած իր այցելութեան ժամանակ յայտնեց օրինաւոր բանակի պատրաստակամութիւնը` «ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու» համագործակցութեան պատասխանելով Ֆապիւսի կոչին: Լավրով Մուալլէմի հետ կայացուցած մամլոյ ասուլիսին ըսաւ, որ սուրիացիներու շահերը նկատի առնելով, այս ներկայ շատ զգայուն փուլին պիտի համագործակցին` քաղաքական միջոցներով լուծելու Սուրիոյ ճգնաժամը, յայտնելով իր գոհունակութիւնը Փութինի եւ Հոլլանտի երկխօսութեան շուրջ , որ կայացած էր Հինգշաբթի գիշեր: Լավրով նաեւ նշեց, որ Սուրիա-Թուրքիա սահմանը փակելը մեծապէս օգտակար պիտի դառնայ ահաբեկչութեան խնդրի լուծման համար, եւ ըսաւ որ Հոլլանտի կողմէ այս ուղղութեամբ սահմանը փակելու համար շօշափելի միջոցներ ձեռնարկելը շատ կարեւոր է, «որուն պիտի աջակցինք անշուշտ Սուրիոյ կառավարութեան հետ համագործակցաբար»: