image

Ռուսիա եւ Ազրպէյճան պիտի զարգացնեն իրենց ռազմական համագործակցութիւնը

Ռուսիա եւ Ազրպէյճան պիտի զարգացնեն իրենց ռազմական համագործակցութիւնը

Ռուսիա եւ Ազրպէյճան պիտի զարգացնեն իրենց ռազմական համագործակցութիւնը: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու՝ իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Զաքիր Հասանովի հետ հանդիպման ընթացքին:

«Մեր ռազմական համագործակցութիւնը ռազմավարական բնոյթ ունի, ինչպէս միւս բոլոր ոլորտներուն մէջ մեր համագործակցութիւնը: Եթէ խօսինք 2016-ի մեր համագործակցութեան ծրագիրին մասին, ապա կարելի է ըսել, որ անիկա բաւական յագեցած է», յայտնած է Շոյկու:

«Կը կարծեմ, որ գոյութիւն ունի աճի եւ զարգացման ներուժ: Իհարկէ, մենք պիտի ընենք ամէն ինչ, որպէսզի մէր բարեկամական ռազմավարական գործընկերութիւնը ու կապերը շարունակեն զարգանալ»,- խօսքը ամփոփած է նախարարը:

Իր կարգին, Հասանով ըսած է, որ Ազրպէյճանի զինուած ուժերէն 88 սպայ այս տարի պիտի սկսի ուսում ստանալ Ռուսիոյ ռազմական վարժարաններուն մէջ, նախորդ տարուան 72-ին փոխարէն։