Ուաշինկթընի գլխաւորած Միջազգային դաշնութիւնը, երէկ, առաջին անգամ ըլլալով «Իսլամական Պետութեան» կեդրոն համարուող Ռաքքային վրայ բացիկներ տարածած է, որու մէջ բնակիչներէն կը պահանջէ քաղաքէն հեռանալ: Այս մասին կը տեղեկացնեն մարդու իրաւունքներու Սուրիոյ դիտորդը, ինչպէս նաեւ «Raqqa is Being Slaughtered Silently» («Ռաքքան անձայն կը ջարդուի») դիմատետրեան էջը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ սա առաջին անգամը չէ, որ դաշնութեան օդանաւները բացիկներ կը թափեն Ռաքքայի վրայ, սակայն առաջին անգամն է, որ ան ուղղուած կ'ըլլայ բնակչութեան եւ անոնցմէ կը պահանջէ հեռանալ քաղաքէն: Մինչ նախկին բացիկները ուղղուած կըլլային «Իսլամական պետութեան» անդամներուն, ուր կ'ըսուէր՝ «Ձեր աւարտը մօտեցած է»:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ վերջին շրջանին տեղեկութիւններ կը հաղորդուին քիւրտերու կողմէ «Իսլամական պետութեան» դէմ պատրաստուող յարձակման մը մասին, Ռաքքայի մէջ, միջազգային դաշնութեան օժանդակութեամբ: