image

Քէրի կը զգուշացնէ Ռուսիոյ. «Մեր համբերութիւնը սահման ունի»

Քէրի կը զգուշացնէ Ռուսիոյ. «Մեր համբերութիւնը սահման ունի»

ԱՄՆ («Ալ-Նահար»- Պէյրութ)- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քէրին երէկ զգուշացուցած է Ռուսիոյ, որ սուրիական տագնապին եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու համբերութիւնը «կը սպառի»: Այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանաեան «Ալ-Նահար»ը, նշելով, որ Քէրին Իրանի իրեն համազօր՝ Մուհամմատ Ժաուատ Զարիֆի հետ հանդիպման նաեւ նշած է, թէ «Անհրաժեշտ է, որ Ռուսիա հասկնայ, որ մեր համբերութիւնը անվերջ չէ. անիկա խիստ սահմանափակուած է անով, որ Ասատը արդեօք պիտի ենթարկուի՞ պատասխանատուութեան»: Ան նաեւ աւեցուցած է, որ ԱՄՆ-ն պատրաստ է նաեւ հաշուէտուութեան կանչել ընդդիմութեան այն տարրերը, որոք կը շարունակեն խախտել հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը: