Թուրքիա- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Պաշտօնական աղբիւրներ յայտնած են, որ անձնասպանական պայթում մը արձանագրուած է Թուրքիոյ հիւսիս-արեւմտեան կողմը գտնուող Պուրսա քաղաքի զբօսաշրջիկական շրջանին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ պայթումի արդիւնքով սպաննուած է գործողութեան հեղինակն ու վիրաւորուած են շուրջ տասը մարդ: Անվտանգութեան աղբիւր մը հաստատած է, որ պատահածը «անձնասպանական յարձակում էր»: Միւս կողմէ թրքական CNN-ը յայտարարած է, որ պայթումը իրականացուած էր քաղաքի կեդրոնական հատուածին մէջ գտնուող «Օլո մզկիթ»ին մօտ, որ կը հանդիսանայ քաղաքի խորհրդանիշներէն մէկը:
Նախնական տուեալներու համաձայն անձնասպանութիւն գործողը 25 տարեկան է:
Նշենք, որ Թուրքիան վերջին ամիսներուն շարք մը անձնասպանական գործողութիւններու թատերաբեմ դարձաւ, որոնք կապուեցան քրտական հակամարտութեան կամ վերագրուեցան «իսլամական պետութեան»: