Թուրքիա (Լրատուական գործակալութիւններ) ՔԱԿ-ի (PKK) 15 անդամներ սպաննուած են Թուրքիոյ Հաքքարի շրջանին մէջ: Այս մասին կը հաղորդեն թրքական աղբիւրներ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ շրջանին մէջ ծաւալած ծանր մարտերուն հետեւանքով 5 թուրք զինուորներ զոհուած են, մինչ թրքական ուղղաթիռի մը ջախջախման հետեւանքով երկու թուրք զինուորներ եւս զոհուած են: Անցեալ Յունիսին ծայր առած կռիւներուն հետեւանքով զոհուած քիւրտ զինեալներուն թիւը անցած է երեք հազարը: