image

Պէյրութ ծանր ահաբեկչութիւնէ փրկուեցաւ

Պէյրութ ծանր ահաբեկչութիւնէ փրկուեցաւ

Լիբանան ծանր ահաբեկչութենէ փրկուած է: Այս մասին տեղեկութիւնը  փոխանցող լիբանանեան աղբիւրներ կը գրեն, որ անցնող Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին երկրի ապահովական մարմինները յաջողած են գաղտնազերծել եւ ապա ձերբակալել ահաբեկչական բջիջ մը, որ կը ծրագրէր ահաբեկչական գործողութիւններ իրականացնել մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ: Ըստ «Ալ Ժատիտ» կայանին, ահաբեկիչները ծրագրած էին պայթումներ իրականացնել յատկապէս «Հըզպալլա» կուսակցութեան հիմնական կեդրոնատեղի համարուող Պէյրութի արեւելեան արուարձանին մէջ: Ծրագրուած էր նաեւ ահաբեկչական արարքներ կատարել լիբանանեան բանակի բարձրաստիճան եւ ազդեցիկ զօրավարներու դէմ: Ըստ շրջանառուող տեղեկութեանց, ահաբեկչական ցանցի գլխաւոր պատասխանատուն կը կոչուի Մուսթաֆա Նուր Ալ Տին Սահյունի, որ նոյնպէս ձերբակալուած է: Կը հաղորդուի նաեւ, որ վերջինս իր հրամանները կը ստանար Սայտա քաղաքի պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ «թաքնուած» Շատի Ալ Մաուլաուիէն:

Յիշեցնենք, որ Ալ Մաուլաուի լիբանանեան Թրիփոլի քաղաքի սիւննի ծայրայեղական խմբաւորումներու կարեւորագոյն առաջնորդներէն մին է, որ երկար ամիսներէ ի վեր Թրիփոլիէն հեռանալով ապաստանած է Սայտա: