image
Հրատապ լուրեր:

Օգնելով Արցախին` Մեր Ներդրումը Կը Կատարենք Հայրենիքի Պաշտպանութեան Գործին. Չինահայ Համայնք

Օգնելով Արցախին` Մեր Ներդրումը Կը Կատարենք Հայրենիքի Պաշտպանութեան Գործին. Չինահայ Համայնք

Չինաստանի Հայկական Համայնքի Գործադիր մարմիը դրամահաւաք մը կազմակերպած է Արցախի օժանդակութեան համար: Այս նպատակով դիմելով տեղի հայութեան, ան հանդէս եկած է հետեւեալ կոչով.-

Յարգելի՛ Չինաստանի Հայկական համանյք,

Երեք տարի է որ աշխոյժ կը գործէ մեր երիտասարդ ու եռանդուն համայնքը: Այս երեք տարիներուն ընթացքին մենք բոլորս միասին կրցած ենք մեր ներդրումը ունենալ Հայապահպանութեան գործին, ապրած ենք Հայրենիքով ու Հայութիւնը յուզող հարցերով: Անցեալ տարի Ապրիլին միաւորուելով` մեր ձայնը բարձրացուցինք յանուն Հայոց հարցի արդարացի լուծման: Հիմա Հայրենիքը կրկին ունի մեր օգնութեան կարիքը:

Հաշուի առնելով Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները` Գործադիր կոմիտէն որոշում ընդունած է կազմակերպելու դրամահաւաք: Կոչ կ՝ուղղենք աշխոյժ մասնակցութիւն բերել Արցախի համար կազմակերպուած այս դրամահաւաքին: Անիկա նպատակ ունի մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել պատերազմական գործողութիւններու պատճառով ծանր կացութեան մէջ յայտնուած մեր քաջ եղբայրներուն եւ քոյրերուն:

Օգնելով Արցախին` մեր ներդրումը կը կատարենք Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին: Ասիկա յստակ ազդանշան պիտի ըլլայ, որ անոնք մինակ չեն եւ մենք՝ հնարաւոր միջոցներով՝ պատրաստ ենք օգնելու անոնց:

Կը խնդրենք ցուցաբերել ձեր գործնական օգնութիւնը Հայրենիքին: Դրամահաւաքի իբրեւ արդիւնք յառաջացած գումարը Չինաստանի Հայկական համայնքին անունով պիտի փոխանցուի Արցախի կառավարութեան, քանի որ անոնք կը գտնուին մարտական գործողութիւններու կիզակէտին եւ յստակ գիտեն, թէ ինչ անհրաժեշտ է Արցախի հայութեան:

Փոխանցումը կատարելէ յետոյ կը խնդրենք հաղորդագրութիւն գրել ելեկտրոնային հետեւեալ հասցէին` Chinahay.info@gmail.com

Չինաստանի մէջ Վիչաթով փոխանցում կատարելու համար կրնաք ուղարկել հետեւեալ հաշուին (sparapet or +86 1348 282 9220) եւ հաղորդագրութիւն գրել ելեկտրոնային հետեւեալ հասցէին` Chinahay.info@gmail.com
յարգանքով` Չինաստանի Հայկական համայնքի Գործադիր մարմին