image

Նոր Հատոր Անթիլիասէն ՝ «Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ Հերոս Զէյթուն»

Նոր  Հատոր  Անթիլիասէն  ՝ «Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ Հերոս Զէյթուն»

Պէյրութի մէջ լոյս տեսած է «Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ Հերոս Զէյթուն» հատորը՝  Գրիգոր Հ. Գալուստեանի  (Կիլիկեցի)։ Հրատարակութիւնը «Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ Յուշամատեաններ» շարքին Թ. հատորն է։ Շարքը նախաձեռնութիւնն է Արամ Ա. Վեհափառին։ Անթիլիասի  Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսած  հատորին մէջ կը ներկայացուի Զէյթունի առնչուածութիւնը Մարաշի պատմութեան   իր  հերոսական մարտնչումներով, եւ շրջապատին հետ ունեցած սերտ յարաբերութիւններով:Այս վերահրատարակութիւնը մեծադիր 1135 էջերէ կը բաղկանայ։ Հարուստ բովանդակութեան վրայ, այս անգամ եկած են աւելնալու տեղանուններու, անձնանուններու եւ այլ բնոյթի ցանկեր, որոնք այնքան կարեւոր են նման աշխատասիրութիւններու համար։ Ինչպէս նախորդներուն, շարքին իններորդ հատորին խմբագիրն է Պրն. Ժիրայր Դանիէլեան։   Վերահրատարակուած հատորին մեկենասութիւնը ստանձնած են Տէր եւ Տիկին Ստեփան եւ Թամար Տէր Պետրոսեանները, ի յիշատակ իրենց մարաշցի հօր՝ Զաւէն Տէր Պետրոսեանի։