image

Նաթանիահուն՝ Մոսկուայէն. Ասատի ճակատագիրը երկրորդական հարց է

Նաթանիահուն՝ Մոսկուայէն. Ասատի ճակատագիրը երկրորդական հարց է

Իսրայէլ-(Ալ-Մուսթաքպալ»-Պէյրութ)-ԻսրայԷլի վարչապետ Պենիամին Նաթանիահուն յայտնած է, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի ճակատագիրը դարձած է երկրորդական, մինչ առաջնայինը կը մնայ Սուրիոյ կողմէ  Իսրայէլի անվտանգութեան սպառնալիք չհասնելու խնդիրը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Մուսթաքպալ», նշելով, որ  Նաթանիահուի Մոսկուա այցելութեան առիթը հանդիսացած էր Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերսկսման 25-ամեակի տօնակատարութիւնները:

Իր այցելութեան երրորդ օրը, Նաթանիահու Ռուսիոյ հրեայ ղեկավարներուն հանդիպելով, ըսած է. «Մենք կ'աշխատինք, որ Սուրիան Իսրայէլի վրայ յարձակումներու յենակէտ չըլլայ, ո՛չ Ասատի ռէժիմի կողմէ, ո՛չ՝ Հըզպալլայի եւ ո՛չ ալ՝ իսլամական խմբաւորումներու: Մենք արդէն  բաւականաչափ թշնամիներ ունինք»,-աւելցնելով, որ իր քաղաքականութիւնը նման յարձակումները կանխելու անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկելու քաղաքականութիւն է: Անդրադառնալով Ասատի հետ ապագայ յարաբերութիւններուն, Նաթանիահու նաեւ շեշտած է, որ Փութինի հետ իր քննարկումները այդ հարցին չեն վերաբերած, որովհետեւ Ասատի ճակատագիրը երկրորդական հարց է: «Իսրայէլի շրջակայքը եղող կարգ մը երկիրներու վարչակարգերը, յատկապէս՝ Սուրիոյ, սկսած են քայքայուիլ եւ պէտք ունին նոր վերադասաւորման. Ես նախագահ Փութինի հետ հիմական այդ հարցերու մասին խօսեցայ, կարեւոր համարելով, որ անոնց փոխարինող կարգերը Իսրայէլին յաւելեալ  ողբերգութիւններ չպատճառեն եւ չսպառնան Իսրայէլի անվտանգութեան»,-ըսած է Նաթանիահու: