image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահ Ռոհանի Շեշտած Է Ղարաբաղեան Հիմնախնդիրը Խաղաղ Միջոցներով Լուծելու Կարեւորութիւնը

Նախագահ Ռոհանի Շեշտած Է Ղարաբաղեան Հիմնախնդիրը Խաղաղ Միջոցներով Լուծելու Կարեւորութիւնը

Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին կոչ ըրած է կեդրոնանալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայուն հրադադար հաստատելու վրայ: Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ժամանակ Ռոհանին նշած է, որ տարածաշրջանային խնդիրները պէտք է լուծուին երկխօսութեան ճանապարհով: Այս մասին կը հաղորդէ artsakhpress.am:
Իրանի նախագահը նաեւ ընդգծած է, որ տարածաշրջանի բոլոր երկիրները, որպէս ընդհանուր սպառնալիք, պէտք է միաւորուին՝ ընդդէմ ահաբեկչութեան, ծայրայեղականութեան եւ բռնութեան: