image

Նախագահ Ասատ. Պատրաստ Ենք Կրակմար Յայտարարել, Եթէ Թուրքիան Դադրի Սուրիա Ահաբեկիչներ Ուղարկել

Նախագահ Ասատ. Պատրաստ Ենք Կրակմար Յայտարարել, Եթէ Թուրքիան Դադրի Սուրիա  Ահաբեկիչներ Ուղարկել

Սուրիա-(«Ալ Մայատին»- Պէյրութ) Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ    ուշագրաւ   յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով ըսած է, թէ  իրենք պատրաստ են    կրակմար յայտարարել, եթէ      ահաբեկիչ  զինեալները     կրակմարի առիթէն  օգտուելով գետնի վրայ   փոփոխութիւններու   չձեռնարկեն: Ան հարցազրոյց մը տուած է սպանական «Էլ փաիս»   պարբերականին եւ նաեւ ըսած է, որ   եթէ գետնի վրայ  զինեալ    խմբաւորումներ   որեւէ փոփոխութեան  ձեռնարկեն, ապա Սուրիոյ իրադրութիւնը   կրնայ  աւելի վատթարանալ:   Սուրիոյ նախագահը  ըսած է, որ կրակմար  յայտարարելու կարեւորագոյն  նախապայմաններէն մին է, որ     ահաբեկիչներուն   զէնք եւ զինամթերք ուղղարկող երկիրները, որոնց գլխաւորը Թուրքիան է առիթը չօգտագործէ   եւ դէպի Սուրիա ահաբեկիչներ  եւ զինամթերք չուղարկէ: Ասատ    շնորհակալութեան խօսք  ուղղած է  Ռուսաստանին  եւ  Իրանին, Սուրիոյ հանդէպ իրենց ունեցած  կեցուածքներուն եւ  ցուցաբերած օժանդակութեանց համար: