Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Թուրքիոյ կողմէ ռուսական օդանաւի վարբերումէն ետք Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութեան շարունակման հետ միաժամանակ, Հայաստան- Ազրպէյճան սահմանային երկայնքին երեւելի լարուածութեան աճ կայ: Այս մասին «Տէյլի Սապահ»ին ըսած է Ռուսիոյ եւ կեդրոնական Ասիոյ շրջաններու փորձագէտ ՝Օքթայ Թանրիսէվէր: Թուրք փորձագէտը նաեւ եսած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ Թուրքիոյ հետ Ռուսաստանի լարուածութիւնը կը շահագործուի սեփական ներքին քաղաքականութեան շահերուն ի խնդիր եւ լարուածութիւնը կտրուկ ձեւով պիտի նուազի յառաջիկայ Մարտին: Թուրք Փորձագէտը նաեւ յայտնած է, թէ լարուածութեան նուազումը կապ ունի նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններուն հետ, ուր Փութինի շահը աջակողմեան ծայրայեղական ազգայիններու ձայները ապահովելն է: Թանրիսէվէր նոյնպէս պնդած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հակամատութիւնը չի կրնար պատերազմի վերածուիլ, եւ վերջին շաբաթներու զարգացումները պէտք է դիտուին որպէս մաս ՝Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին վրայ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունենալու քաղաքականութեան: Փորձագէտը աւելցուցած է նաեւ, թէ ինք չակնկալէր, որ «Արաբական գարնան» նման յեղափոխութիւններ տեղի ունենան կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն մէջ, ուր լուռ հակամարտութիւնները կը շարունակուին, առանց ընդհանուր պատերազմ դառնալու:Այս ծիրէն ներս փորձագէտը կը յայտնէ, որ Ռուսիան պիտի հրաժարի Թուրքիոյ հետ մօտ յարաբերութիւններ ունենալու քաղաքականութենէն եւ վերադառնայ լարուածութիւններով եւ մրցակցութեամբ յագեցած յարաբերութիւններու խիստ ռէժիմին, որ որդեգրած էր 1991-2002 տարիներու ընթացքին:
Խօսելով հայ-ազրպէյճանական գօտիին վրայ տեղի ունեցած զարգացումներու մասին, փորձագէտը նշած է, որ անցած ամիսներուն երկու կողմերու մօտ արձանագրուած զոհերու թիւին նայելով, յստակ կը դառնայ զինադադարի գոյութիւն չունենալը,«այնուամենայնիւ կրակի դադրեցման չգոյութիւնը չի նշանակեր, պատերազմ»:
Միւս կողմէ Օքթայ նկատել կու տայ, որ ազրպէյճանեան խորհրադարանին կողմէ եղած յայտարարութիւնը, թէ իրենք վերատեսութիւն պիտի ենթարկեն Ամերիկայի հետ ունեցած յարաբերութիւնները, սխալ քայլ է, եւ կը նշանակէ, որ անոնք աւելի մօտ պիտի ըլլան Ռուսիոյ: «Կը թուի, թէ Ռուսաստանը կը փորձէ հեռացնել Ազրպէյճանը Արեւմուտքէն, Ամերիկայէն եւ Թուրքիայէն՝ օգտագործելով հայկական հարցը», նշած է Օքթայ նկատել տալով, որ Ազրպէյճանի Ռուսաստանին հետ սերտացումը պատճառ պիտի դառնայ անոր ինքնավարութիւնը կորսնցնելուն, ինչն ալ ընդունելի չէ ազրպէյճանցի հասարակութեան կողմէ, որ աւելի շատ հակուած է դէպի Արեւմուտք:
Օքթայ անդրադառնալով նշեալ զարգացումներու ունեցած անդրադարձին՝ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ սահմանակից Վրաստանի վրայ, որ նոյնպէս խնդրայարոյց յարաբերութիւններ ունի Ռուսաստանի հետ, ըսած է «Վրաստանը ներկայիս խաղարկութեան բաց դաշտ է, ինչն ալ Ռուսաստանի ուզածն է, եւ կը տառապի քաղաքական անկայունութենէ, սակայն եթէ նայինք անոր ընդհանուր քաղաքականութեան՝ պիտի տեսնենք, որ Վրաստան ընդհանուր առմամբ Ռուսիոյ դէմ է, որովհետեւ 7 տարի առաջ ռուսական ուժերու Վրաստան ներխուժումը տակաւին չէ մոռցուած վրացի ժողովուրդին կողմէ, հետեւաբար ան պիտի պահէ իր հեռաւորութիւնը վերջինէս: Վրաստանը տնտեսական եւ այլ շահերէ մեկնելով հաւասրակշիռ յարաբերութիւն կը պահէ եւ առաւել հակուած է դէպի Արեւմուտք» եզրակացուցած է թուրք վերլուծաբանը: